2009-09-12 13:19:39

Ծիսական ժամանակացոյց` Խաչվերաց տաղաւարը


Ծիսական ժամանակացոյց` Խաչվերաց տաղաւարը

Խաչվերացը տարւոյն հինգ տաղաւարներէն վերջինն է, որով կը յիշատակենք 628 թուին իրականացած պատմական դէպք մը։ Պարսիկներ Երուսաղէմը աւերեցին եւ Գողգոթայի վրայ ցոյց տրուող Քրիստոսի խաչափայտը 614 թուին Պարսկաստան գերի տարին։ Այս պատճառաւ Քրիստոնեայ բանակները Պարսիկներուն դէմ պատերազմեցան։ Խաչափայտին գերութենէ փրկութիւնը իրենց տարած յաղթանակին փառապսակը հանդիսացաւ։ Գերութենէն փրկուած Խաչափայտը մեծ փառքով ու հանդէսով անցաւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու բնօրրաններէն։ Այս դէպքը խոր ազդեցութիւն գործեց քրիստոնեայ ժողովուրդներու վրայ եւ անոնք գիտակցութիւնը ունեցան արձանագրելու տօնական ուրախութիւնը՝ Խաչվերացի տաղաւարով։ Ռեհանով զարդարուած Խաչափայտը քաղաքէ քաղաք տարուեցաւ հանդիսաւոր թափօրներով ու ժողովուրդի հրճուալից սիրոյ ցոյցերուն ընկերակցութեամբ։ Հաւատացեալներ խաչին փառքը կ՚երգէին։ Այս պատմական անդաստանը Հայ Եկեղեցին ամէն տարի Խաչվերացի Տաղաւարին կը յիշատակէ Խաչվերացի Թափօր Անդաստանով։ Խաչվերացի Տաղաւարը բոլորիս համար առիթ մըն է մեր հոգեւոր հայեացքը կեդրոնացնելու մեր հաւատքի խորհրդանշան՝ Ս. Խաչին եւ անդրադառնալու՝ անոր իմաստին։

Խաչը միակ լուծումն է

Խաչը, անկասկած, Քրիստոնէութեան մեծագոյն խորհրդանշանն է։ Անոր վրայ է, որ մեր Փրկիչը իր կեանքը զոհաբերեց եւ խաչին վրայ թափած արեան շնորհիւ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ խաղաղութիւնը հաստատեց. Քանի որ Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի այլ յաւիտենական կեանքը։ Ահաւասիկ, Սուրբ Խաչը, որ մեզի, Քրիստոնեաներուս համար մեծարժէք խորհրդանշան մըն է, կը ներկայացնէ նաեւ Աստուծոյ խորին խորհուրդով լի սիրոյն շօշափելի ճշմարտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.